Դեկտեմբերի 23-ին Տօն Սրբոյն Նիկողայոսի Սքանչելագործ Հայրապետին

0
395

23 Դեկտեմբեր, 2023-ի առաւօտեան Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Նուրհան Պատրիարք Մանուկեան, ընկերակցութեամբ Գերաշնորհ Տ. Կորիւն Եպիսկոպոս Բաղդասարեանի եւ Հոգեշնորհ Տ. Աղան Աբեղայ Գագչեանի մեկնեց Եաֆա, ուր դիմաւորուեցաւ Հայոց Սուրբ Նիկողայոս Վանքի տեսուչ՝ Հոգեշնորհ Տ. Տիրան Վարդապետ Յակոբեանի կողմէ:

Ժամը 10-ին, Հայոց Սբ․ Նիկողայոսի եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ պատարագ։ Պատարագեց Հոգեշնորհ Տ․ Աղան Աբեղայ Գոգչեան։

Տօնին առիթով Գանձատունէն դուրս բերուած էր Սբ. Նիկողայոս Սքանչելագործ Հայրապետի մասունքակիր աջը եւ տարուած էր Եաֆա՝ Սուրբին անունը կրող Հայոց Եկեղեցին, ուր Սուրբ Պատարագէն ետք հաւատացելաներն առիթ ունեցան օրհնութիւն ստանալու Սուրբի մասունքակիր աջէն՝ համբուրելով զայն:

Ինչպէս արդէն աւանդութիւն դարձած է 2015 էն, Սուրբի տօնին առիթով Գանձատունէն դուրս կը հանուի Սբ. Նիկողայոս Սքանչելագործ Հայրապետին մասունքակիր աջը եւ կը բերուի Յոպպէ, ուր Սուրբ Պատարագէն ետք հաւատացելաներն առիթ ունեցան օրհնութիւն ստանալու Սուրբի մասունքակիր աջէն՝ համբուրելով զայն:

Սուրբ Նիկողայոս սքանչելագործ հայրապետը ծնած է Փոքր Ասիոյ Լիկիա գաւառի Բաթարա քաղաքին մէջ (ներկայիս Անթալիային մօտ)։ Փոքր հասակէն կորսնցուցած է մեծահարուստ եւ բարեպաշտ ծնողքը եւ մեծցած է մօրեղբօր՝ Նիկողայոս Երէց եպիսկոպոսի խնամքին ներքեւ։ Աւետարանական պատգամը՝ «Ինչ որ ունիս՝ ծախէ եւ տուր աղքատներուն» (Մատթ․ 19։21), իր կեանքի նշանաբանը կը դարձնէ՝ իր խնամքը տարածելով աղքատներուն, հիւանդներուն, բանտարկեալներուն եւ որբերուն վրայ։ Ժողովուրդի կամքով կը դառնայ Զմիւռնիոյ եպիսկոպոսը։ Հալածանքներու ընթացքին կ՛աքսորուի, սակայն չի դադրիր ամենուրէք Աւետարանը քարոզելէ։ Խաղաղութիւն վերահաստատուելուն պէս կը վերադառնայ իր աթոռը, կը մասնակցի 325 թ․ Նիկոյ առաջին Տիեզերական ժողովին եւ յաջորդ տարի կը վախճանի։ Ընդհանրական եկեղեցւոյ ամենասիրուած սուրբերէն է՝ առաւելաբար յայտնի Santa Claus անունով։

Յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի հաւատացեալ ժողովուրդը Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան Հօր եւ Հոգեւոր Հայրերու հետ ունեցան սիրոյ ճաշ եւ հիւսասիրութիւն, որու համար շնորհակալ եմ օգնողներուն:

Իմ որդիական շնորհակալութիւնս կ՛ուզեմ յայտնել Սրբոյ Աթոռոյս Գահակալ՝ Ամեն․ Տ․ Նուրհան Արք․ Մանուկեանին, որ անձամբ ներյկայ գտնուեցաւ եւ Հանդիսապետեց Սուրբ Պատարագը։

Մասնաւոր շնորհակալութիւններ՝ Սրբոյ Աթոռոյս Լուսարարապետ՝ Տ․ Սեւան Արք․ Ղարիպեանին, Հոգշ․ Տ․ Բարսեղ Ծ․ Վրդ․ին, Գերշ․ Տ․ Կորիւն Եպս․ Բաղդասարեանին, որ ներկայ գտնուեցաւ, Հոգշ․ Տ․ Աղան Աբղ․ Գոգչեանին, որ ներկայ գտնուեցաւ եւ իր ականջահաճոյ ձայնով մատոյց Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը, Հոգշ. Տ. Վազգեն Վրդ. Ալեքեանին, Սրբոյ Աթոռոյս Աւագ Թարգմանին, Յոպպէի Յոյն Օրթոդոքս համայնքի հոգեւոր հովիւ՝ Արժ․ Տ․ Կոնստանտին Նասսարին, որ ներկայ գտնուեցաւ, Բարեշնորհ Իվան, Սարգիս եւ Հրայր Սարկաւագներուն, որ քաղցրաձայն երգեցողութեամբ սպասաւորեցին Սուրբ Պատարագի ընթացքին, Յոպպէի Հայկաշէն ՀՄԸՄ Վարչութեան, Երուսաղէմի ՀՄԸՄ Վարչութեան,Պետախ Տիկվայի Նաիրի Միութեան Վարչութեան, Պետախ Տիկվայի Նոյան Տապան Միութեան Վարչութեան, Եկեղեցւոյ պարտաճանաչ յաճախողներուն եւ երգչախումբին, Վահէ եւ Լիլիթ Յովհաննիսեաններուն՝ ծաղիկներու համար, մեր վարորդներուն՝ Յակոբ Առաքելեանին եւ Այմանին, բոլոր անոնց, որոնք անուշեղէն եւ կերակուր պատրաստած էինբոլոր անոնց, որոնք ներկայ գտնուեցան:

Աղբյուրը՝ երկրի կենտրոնի հոգևոր հովիվ հայր Տիրան աբեղա Հակոբյանի ֆեսբուքյան էջ