Լիբանանի հայկական համայնքներու հզօրացում

0
285

Ի կատար ածելով «DiasporArm»-ի առաքելութիւնը՝ հաւաքագրելու անհատներու եւ կազմակերպութիւններու ներուժը, բարձրացնելու հայութեան ընկերային-տնտեսական մակարդակը հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ, «DiasporArm»-ի անձնակազմը 2022 թուականի հոկտեմբերին եւ դեկտեմբերին այցելեց Լիբանան:

Անձնակազմս հանդիպեցաւ բազմաթիւ համայնքներու ղեկավարներու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ, ինչպէս նաեւ Պէյրութի եւ Այնճարի քանի մը դպրոցներու ղեկավարներու հետ՝ համայնքներուն տնտեսական նախաձեռնութիւնները ուսումնասիրելու եւ զարգացնելու նպատակաւ: «DiasporArm»-ը հաւաքագրած է առանցքային անձինք՝ խորհրդատուական մարմին մը ստեղծելու համար, որ կը զբաղի տեղեկատուութիւն հաւաքելով եւ ծրագիրներ մշակելով: Այս խորհրդատուական մարմինը պիտի գնահատէ իւրաքանչիւր ծրագրի կարիքները: Անիկա նաեւ պիտի յանձնարարէ մասնագէտներուն՝ գործարարական ծրագիրներ պատրաստել, հաղորդակցութեան եւ շուկայավարման անձնակազմ մը ստեղծել, ինչպէս նաեւ դրամաշնորհի դիմում պատրաստող մը նշանակել՝ ապահովելու ծրագիրներուն դրամամիջոցները: Իւրաքանչիւր ծրագիր պիտի ունենայ իր հոգաբարձուներու խորհուրդը, դրամամիջոցներով պիտի օժտուի եւ պիտի կառավարուի ինքնուրոյն:

«DiasporArm»-ին անձնակազմը հանդիպումներ ունեցաւ Պէյրութի մէջ եւ հասցէագրեց երեք տնտեսական հնարաւորութիւններ Պուրճ Համուտի համայնքին համար:

Առաջինը՝ ուժանիւթային տեւական ճգնաժամը լուծելու ուղղութեամբ. հանրային շէնքերուն տրամադրել արեւային վահանակներ` ուժանիւթային անվտանգութիւնը ապահովելու եւ ընդհատումները կրճատելու համար:

Երկրորդ՝ ստեղծել ելեկտրածիններով ապահովուած համատեղ աշխատանքային տարածք մը՝ ապահովելու ուսանողները, ինքնազբաղ անձինք, հեռավար կամ անկախ աշխատողները կայուն ելեկտրականութեամբ եւ համացանցային կապով՝ հիմնուելով «Impact Hub»-ի նմուշին վրայ: Համատեղ աշխատանքային տարածքին համար պիտի տրամադրուի տեղւոյն համայնքային սեփականութեան տարածքներէն եւ պիտի առաջարկի վերապատրաստումներ եւ դասախօսական շարքեր իրականացնելու տարածքներ:

Երրորդ՝ ստեղծել Թուային աշխատանոց մը տեղական համալսարանի ճարտարագիտական բաժանմունքին հետ համատեղ (Թուային արտադրութեանց աշխատանոցը՝ խաղալու, ստեղծագործելու, ուսուցանելու եւ շինելու վայր մըն է. սորվելու եւ նորարարութեան կեդրոն մը):

«DiasporArm»-ը հանդիպեցաւ Հայաստանի «Impact Hub»-ի ղեկավարութեան հետ, որ ներկայիս ունի երկու մասնաճիւղ՝ Երեւանի եւ Սիւնիքի մէջ: Զայն բաժնեկցեցաւ Լիբանանի հայ ծերանոցի (CAHL) տնօրէն, վերապատուելի Սեպուհ Թերզեանի հետ, ով կը ղեկավարէ Պուրճ Համուտի մէջ «Impact Hub» տեղակայելու ծրագիրը՝ Ծերանոցի տարածքէն ներս:

Արեւային վահանակներու կարեւորութեան գծով՝ «DiasporArm»-ը աջակցութիւն կը ցուցաբերէ Ռաֆֆի Բարսեղեանի աշխատանքներուն, ով արեւային վահանակներու չինական արտադրութեան, բեռներու եւ ներմուծման, տեղացի տեղադրողներու մրցակցային տարբերակներ ունի: «DiasporArm»-ը համայնքի ղեկավարները կապի մէջ կը դնէ Ռաֆֆիին հետ, որպէսզի անոնք մասնակցին խմբային գնումին եւ ծանօթանան տեղադրման սակագներուն:

Այնճարի համայնքին մէջ անհրաժեշտ է պահպանել տեղւոյն տաղանդը՝ միեւնոյնատեն ներգրաւելով անհատներն ու ընտանիքները: Քննարկումները կեդրոնացած էին վերապատրաստման եւ աշխատանքային հնարաւորութիւններ ստեղծելու վրայ: Այս ուղղութեամբ, առաջարկուեցան երեք առանձին ծրագիրներ։

Առաջինը՝ հիմնել կեդրոն մը, որ պահանջարկ ունեցող հեռավար աշխատողներ կը վերապատրաստէ՝ ապահովելով տեղեկատուական արհեստագիտութեանց, հաղորդակցման, համակարգչային ձեւագրման, տեսանիւթերու խմբագրման եւ ընկերային ցանցերու կառավարման (SMM) ոլորտներու ուսուցումը:

Երկրորդը՝ զարգացնել բարձրորակ, իւրայատուկ ձեռագործ աշխատանքները, որոնք կը վաճառուին միջազգային շուկայէն ներս եւ աշխատանքով կ’ապահովեն կանանց: Անկէ զատ, համաշխարհային շուկաներէն ներս ապրանքները աւելի գրաւիչ դարձնելու համար՝ առաջարկուեցաւ հետեւիլ արդար առեւտրային եւ արդար աշխատանքային իրաւունքի սկզբունքներուն:

Եւ վերջապէս՝ մշակել երկրագործական ձեռնարկութիւններ՝ պտուղներէն ստացուող արտադրութեանց հիման վրայ, մասնաւորապէս խնձորենիէն, որ բաւականին առատ է:

«Բացի բազմաթիւ դժուարութիւնները, զորս կը դիմագրաւէ Լիբանանը, Այնճարն ու անոր երկրագործները ա՛լ աւելի տուժեցին «խնձորի ողբերգութենէն»: Այլեւս պահանջարկ չկայ։ Այնճարի խնձորները գետինը փռուած են»,- հրապարակած է Եսայի հաւաթեանը Ֆէյսպուքի վրայ՝ 2022-ի հոկտեմբեր 11-ին:

«DiasporArm»-ի անձնակազմի անդամները հանդիպեցան նաեւ Հայաստանի մէջ «Կանաչ» ապրանքանիշի հիմնադիր Հրանդ Կարապետեանի հետ, ով կը մշակէ 50 հեքթարանոց պտղատու այգիներ՝ օգտագործելով յառաջադէմ ոռոգման համակարգեր: Ան ունի սառնարանային պահեստարաններ 3.500 թոն բերքի համար, ինչ որ հնարաւորութիւն կ’ընձեռէ շուկային միրգ մատակարարել ողջ տարեշրջանին։ Խնձոր արտադրելէ զատ, «Կանաչ» ապրանքանիշը կը մշակէ պտուղները՝ ապահովելով օրկանական եւ բնապահպանական քացախի, հիւթերու, չիրերու եւ շուկայէն ներս պահանջարկ ունեցող տեսականիի արտադրութիւնը, ինչպիսին է օրինակ՝ ածխաջրազերծ խնձորի չիփսերը (տես այստեղ): Բարերարներ Արթուր Նազարեանն ու Յակոբ Տեմիրճեանը Այնճարի մէջ հասուն պտղատու այգիներ գնեցին՝ երաշխաւորելու, որ հողատարածքներն ու արտադրութիւնը հայ համայնքին ձեռքը մնան։ Այնճարը ունի հողատարածքներ՝ լի ծառերով, ապահովուած ջրային ոռոգման համակարգերով, ուժանիւթով եւ աշխատուժով:

Դեկտեմբերեան հանդիպումներէն ի վեր, «DiasporArm»-ը կ’աշխատի Այնճարի երկրագործներուն, լիբանանցի ձեռներէցներուն եւ Հայաստանի «Կանաչ» ապրանքանիշին միջեւ համատեղ ձեռնարկութեան ծրագրի մը շուրջ: Ծրագրին նպատակն է՝ զարգացնել պտուղներու մշակման գործընթացն ու սառնարանային յարմարանքները, որպէսզի հայերու կողմէ մշակուած արտադրանքը շուկայ մտնէ  եւ պատրաստուի արտահանման:

«DiasporArm»-ը հպարտ է նորութիւններ տրամադրելու Լիբանանի հայ համայնքներուն վերաբերող այս կարեւոր նախագծերուն շուրջ: Հետեւեցէ՛ք այս եւ այլ նախաձեռնութիւններու www.diasporarm.org կայքէջին մէջ, որոնք կը կամրջեն անհատներն ու կազմակերպութիւնները՝ յառաջ մղելու համաշխարհային հայկական շահերը:

«DiasporArm»-ի առաքելութիւնն է՝ համախմբել հայկական սփիւռքի համայնքները, համախոհ անհատներն ու կազմակերպութիւնները՝ ինչպէս Հայաստանի մէջ, այնպէս ալ Հայաստանէն դուրս՝ համաշխարհային հայկական շահերը յառաջ մղելու, ազգային անվտանգութիւնը ամրապնդելու եւ հայ ժողովուրդին անվտանգութիւնն ու բարգաւաճումը ապահովելու նպատակաւ։

Աղբյուրը՝

 www.diasporarm.org