Քաղաքամայր Երեւանի մէջ՝ հանդիպում Արտեօմ Չերնամօրեանի հետ

0
388

Կը ներկայացնենք Պէյրութահայ լրագրող՝ ընկեր Համօ Մոսկոֆեանի հարցազրոյցը Իսրայէլի Փթահ Թիքվայի Հայերու Միութեան ղեկավար, Երուսաղեմի եւ Սուրբ Հողերու աննկուն պաշտպան Արտեօմ Չերնամօրեանի հետ:

Հեղինակ՝ Համօ Մոսկոֆեան

Մեր առաջին հանդիպումէն 3 տարի ետք, դարձեալ առիթը կ’ունենանք հանդիպելու այս աննկուն հայրենասէր Կիւմրեցի հայորդիին հետ, լսելու իր տարած դժուարին եւ քաջարի պայքարին մասին՝ հայապահպանութեան եւ Սուրբ Հողերու պաշտպանութեան ի խնդիր։

Լենինական Կիւմրիի երկրաշարժէն ճողոպրած այս երիտասարդը, խորհրդային բազմաթիւ հպատակ հայրենակիցներուն հետ կ’արտագաղթէ Իսրայէլ, հանգրուանելով Փթահ Թիքվա քաղաքին մէջ, ընտանիք կազմելով եւ կազմակերպելով հայկական փոքրաթիւ բայց աշխոյժ գաղթօճախը։

Որպէս հանրաճանաչ լրագրող, տեղական թէ հայրենի մամուլին թէ հեռատեսիլային հաղորդումներու քաղաքական թէ ազգային հարցերու մեկնաբան՝ կը հրատարակէ նաեւ «Իսրայէլահայեր» պարբերականը, հիմնելով «Նայիրի» մշակութային-ազգային Միութիւնը։ Վերջինս, ազրպէյճանական շրջանակներու ճնշումներէն ետք, կը չեղարկուի Իսրայէլի իշխանութիւններուն կողմէ։

Չերնամօրեան ապա կը հիմնադրէ «Փթահ Թիքվայի Հայերու Միութիւն»ը, որ բաւական ձեռնարկներ կը կազմակերպէ, յաջողելով Շարլ Ազնաւուրի անուան հրապարակ ալ բանալ, քաղաքի լաւագոյն վայրերէն մէկուն մէջ։

– «Մեր դիմումը Իսրայէլի պետութեան եւ Փթահ Թիքվայի քաղաքապետութեան, հիմնուած էր այն պատմական փաստերուն վրայ, որ Շարլ Ազնաւուրին հայրը եւ նոյնինքն ապագայի աշխարհահռչակ երգիչը, համագործակցած են Ֆրանսայի Ազգային Հերոս Միսաք Մանուշեանի դիմադրական խումբին հետ եւ փրկած են բազմաթիւ հրեաներու կեանքը՝ Նացիստական ոճրագործներէն։ Մինչ Մանուշեանի խումբին ղեկավար-նահատակ անդամներէն էին Մարսէլ Ռայման եւ Օլկա Պանչիկ, որոնց հալածանքներէն պահելու համար Շարլ Ազնաւուրի ծնողները անգնահատելի ծառայութիւններ մատուցած են։ Այնպէս որ, Շարլ Ազնաւուրի անուան հրապարակի բացումը տեղի ունեցաւ մեծ շուքով՝ Հայաստանի Դեսպանութեան ներկայացուցիչներու, Իսրայէլի ղեկավար թէ քաղաքապետական անդամներու մասնակցութեամբ։ Այն տեղի ունեցաւ Ապրիլ 2-ին, ուր նաեւ Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած յուշարձանը ուխտատեղի դարձած է հայերուն համար։

Հայֆայի քաղաքապետարանի բացառիկ որոշումով, անցեալ Յունուար 21-ին, քաղաքի աւագանին միաձայնութեամբ ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ որոշեց հրապարակ հիմնել Հայֆայի ամենէն բանուկ՝ Ատերոտ Պեն Կուրիոն փողոցին վրայ։ Բացման արարողութեան ներկայ էին Հայֆայի քաղաքապետ Էյնատ Կալիլ-Ռոտեմ, Իսրայէլի մօտ Հ.Հ. արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արման Յակոբեան եւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան պատուիրակութիւնը՝ Հայր Կորիւն վարդապետ Պաղտասարեանի եւ Հայր Ազան Գոչեանի մասնակցութեամբ, ներկայ էին նաեւ Իսրայէլի տարբեր շրջաններու հայկական համայնքներու ներկայացուցիչներ եւ կրօնական յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդներ, մտաւորականներ, համալսարանականներ», կը պատմէ Արտեօմ Չերնամօրեան։

Վերջերս, Երուսաղէմի 1300 տարուանզ հինաւուրց գաղթօճախը փոթորկեցաւ, երբ յայտնի դարձաւ թէ ներկայ Պատրիարքը, որուն իրաւական ընտրութիւնը չեն ճանչցած ո՛չ Պաղեստինեան իշխանութիւնները եւ ո՛չ ալ Իսրայէլը, անամօթ եւ գաղտնի վաճառքներու մէջ «խառնուած է», 200 միլիոն տոլար գրպանելով իր գործակիցներուն հետ՝ 99 տարուան ժամկէտով վարձակալութեան տալով հռչակաւոր «Կովերու Պարտէզ»ը, Երուսաղէմի Հայկական թաղամասէն բնակելի բաժիններ, Եաֆայի հայկական պատմական շէնքեր եւ նոյնիսկ… «Սրբութիւն Սրբոց» Սիոն լեռը՝ որուն վրայ կը գտնուի Երուսաղէմի հանգուցեալ Պատրիարքներու գերեզմանները։

– «Հրեայ վաշխառուները նաեւ մի քանի հարիւր միլիոն տոլար տալու ալ պատրաստ պիտի ըլլային աւելցնել այդ գործարքին վրայ, միայն թէ հասնէին այս կարգի անհաւատալի դաւաճանական առուծախի։ Պատրիարք Նուրհան Մանուկեան եւ իր մի քանի գործակիցները, որ ծագումով Պէյրութէն են (…), որպէս անկախ «թագադիրներ», սպառնացած են իրենց դէմ բողոքի ձայն բարձրացնող նուիրեալներուն, բնակած տուներէն ալ դուրս շպրտել, միւս հայերուն նման, իսկ մի քանի պնակալէզներ ալ կաշառել հրեայ գործարարներէն ստացած «30 արծաթ»ով…։

Այսօր, միակ լուծումը այս խայտառակ եւ շատ վտանգաւոր գործարքը ձախողեցնելու, Կաթողիկէ-Լատին, Յոյն Ուղղափառ եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցիներու Գերագոյն Հոգեւոր Առաջնորդներու միասնական յայտարարութիւնն է, ուր Նուրհան Պատրիարք պէտք է խոստովանի թէ իրեն «խաբած եւ մոլորեցուցած են»։

Մնացեալ դատարաններու միջոցով լուծման հասնիլը գրեթէ անկարելի է, հրէական կողմի հզօր փաստարկներու եւ իրաւաբաններէ կազմուած յանձնաժողովին դիմաց»։

Մէկ խօսքով, Գրիգոր Շղթայակիրի Սուրբ Առաքելութիւնը, որ ամբողջ Արեւմտեան Հայաստան եւ Կիլիկիա շրջեցաւ դրամ հանգանակելու եւ հայկական հողերուն պարտքերը վճարելու ու սեփականութեան փաստաթուղթեր ձեռք բերելու համր՝ ապիկար հոգեւորականներու ձեռամբ ի չիք դարձան, Սուրբ Հողերու 1300 տարուան հայկական ներկայութիւնը դնելով մեծ վտանգներու առջեւ։

Աղբյուրը՝ Nor Sevan