ԺԱՌԱՆԳԱՒՈՐԱՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

0
1360
Ժառանգավորաց վարժարանի սաներն և ուսուցչական կազմն Երուսաղեմի Հայոց Պատրիարք Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկյանի գլխավորությամբ

Երուսաղէմի սրբոց Յակոբեանց ժառանգաւորաց վարժարանը հիմնադրուած է 1843թ. Պօղոս Պատրիարքի գահակալութեան ատեն, Զաքարիա Եպիսկոպոսի Ձեռամբ Ռամլէի մէջ: Տեսչութիւնը կը վարէր Ստեփան Վարդապետ Տիգրանակերտցին: Մէկուկէս տարի ետքը 1845թ. Զաքարիա Պատրիարք վարժարանը կը փոխադրէ Երուսաղէմ, մասնաւոր տան մը մէջ:

1846թ. Կը վախճանի Զաքարիա Պատրիարք եւ անոր փոխանորդը եւ յաջորդը, Կիրակոս Եպս. ժառանգաւորները իրենց յատկացուած տունէն կը փոխադրէ Ս. Յակովբեանց վանք: Կիրակոս Պատրիարքի օրով, ժառանգաւորաց վարժարանը կը յանձնուի Լիմ անապատի միաբան Սիմէոն Վարդապետին: Ան բերել կու տայ նաեւ իր ժամանակի մեծ մտաւորական եւ լաւագոյն ուսուցիչներէն Տիգրան Սաւալանեանցը:

1848թ. Սաւալանեանցը կը ստանձնէ վարժարանը եւ կը վերակազմէ կանոնադրութիւնը: Կիրակոս Պատրիարք կ’ուզէր ընդաձակել վանքի մէջ ուսման ասպարէզը եւ աւելցնել ժառանգաւոր սաներու թիւը: Ան ուզեց նոր շէնք մը շինել ժառանգաւորացի սաներու համար: Նիւթական միջոցներն ու պետական արտօնութեան պատրաստութիւններն ալ հոգալէն ետքը Կ. Պօլսէն ճարտարապետ մը կը յրաւիրէ,  սակայն մինչեւ ճարտարապետին Երուսաղէմ հասնիլը ան կը վախճանի 1850թ.:

Կիրակոս Պատրիարքին կը յաջորդէ Յովհաննէս Պատրիարքը: Ան եւս նախկին երկու պատրարքներու նման շինարար եւ գործնական անձ մը եղած է:Գահակալութենէն յետոյ անոր առաջին գործը կ’ըլլայ  պատրիարքարանի շէնքը եւ ապա` ժառանգաւորացի շէնքը կառուցելը որի Շինութիւնը կաւարտուի 1857ին:

1915ին վարժարանը կը փակուի թրքական կառավարութեան կողմէ: Աշակերտները զինուոր կ’առնուին եւ օրուան տեսուչն ալ` Մեսրոպ Վրդ. Նշանեան, ապա պատրիարք` կը բանտարկուի:Վարդապետներու եւ ժառանգաւորներու ջանքերով վանքը կը պաշտպանուի թշնամու ոտնձգութիւններէ:

1916թ. Վարժարանը կը վերաբացուի դպրոց անուան տակ Սահակ Վրդ. Խապայեանի կողմէ, որ նախկին շրջանաւարտ էր նոյն ժառանգաւորացէն, եւ որը յետոյ Կիլիկիոյ կաթողիկոսը դարձաւ:

Սակայն բուն վերաբացումը ըրաւ Եղիշէ Պատրիարք Դուրեան 1921թ.-ին: Եղիշէ պատրիարքին երազանքն էր երբեմնի արմաշական հռճչակաւոր հոգեւոր դարբնաոցին ոգին ու աւանդութիւնները վերընձուղել մեր վարժարանին մէջ:

Իբրեւ ժառանգաւորներ կ’ընդունէ Մեծ Եղեռնէն որբացաց ուշիմ պատանիներ  եւ Բաբգէն Եպս. Կիւլէսէրեան տեսուչ կը նշանակուի:

Ժառանգաւորաց վարժարանի Ընծայարանի դասարանը կազմուեցաւ Կիւլպէնկեան նուիրատւութեամբ, իսկ 1927ին Ժառանգաւորաց վարժարանի մէջ երկու դասարան եւս կազմուեցաւ` Մելքոնեան եղբայրներու նուիրատւութեամբ եւ կոչուեցան Մելքոնեան դասարաններ:

1931թ.-ին Թորգոմ Պատրիարք Գուշակեանի գահակալութեամբ ժառանգաւորաց վարժարանը եւ ընծայարանը յատուկ խնամքի առարկայ կը դառնայ: 1932թ.-ին տեսչութեան կը կոչուի Տիրան Վրդ. Ներսոյեան իսկ 1934ին ուսուցչութեան կը հրաւիրուին երկու մեծանուն մտաւորականներ. գրականագէտ Յակոբ Օշական եւ մանկավարժ իմաստասէր Շահան Պէրպէրեան:Այս տարիներուն աշակերտներ ընդունուեցան արաբական երկրներէն` Լիբանան, Սուրիա եւ այլն:

1975 տարին նոր էջ մը բացաւ Ժառանգաւորաց Վարժարանի եւ Ընծայարանի պատմութեան մէջ: Յունիսի 25ին, ի ներկայութեան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Վազգէն Վեհափառ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, Կ.Պոլսոյ Պատրիարք Տ. Շնորք Արքեպիսկոպոսի, Տ. Եղիշէ Պատրիարքին եւ Ս. Յակոբեանց միաբանութեան, ազգի մեծ բարերարը բացում կատարեց հոյակապ նորակառոյց շէնքին, որ կոչուեցաւ Ալեքս եւ Մարի Մանուկեան Ժառանգաւորաց Վարժարան եւ Ընծայարան:

Խորհրդային միութեան փլուզումէն ետք 1991էն ի վեր աշակերտներ բերուեցան նաեւ Հայաստանէն: Ժառանգաւոր սաներու թիվը մեծացաւ եւ ամենքը իրենց լուման  բերեցին սուրբ աթոռին եւ դարձան զինուորեալ միաբանութեան մեկ մասնիկ, քանի որ ամբողջ տարուայ ընթացքին նրանք անվերապահորեն ծառայում  են Հարութեան եւ Ծննդեան տաճարներու մեջ եւ պաշտպանում են վաղեմի ժամանակներից արիւնի գնով մեզ հասած հայերու իրաւունքները:Հիշարժան են Հարութեան Տաճարում կատարուող թափորի արարողութեան շարականները ժառանգաւորներու կատարմամբ եւ նրանց պտոյտը բոլոր սուրբ տեղեաց վայրերով: Սաներիս համար արդեն աւանդութիւն է դարձել Ծննդեան տաճարի մաքրութիւնը իր հազուադեպ <կոնֆլիկտներով> եւ գիշերային պատարագներով: Ժառանգաւորները տարուայ ընթացքին շարունակում են իրենց ծառայութիւնները մատուցել Ս. Յակոբ, Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ, Ս.Հրեշտակապետաց եւ Ս.Թորոս եկեղեցիներում: Այժմ վարժարանն ունի քարասուն ժառանգավորներ եվ ընծայարանի ուսանողներ` Հայաստանէն եւ Կ.Պօլսէն եւ կը շարունակէ իրէն յանձնուած առաքելութիւնը տեսչութեամբ Տ. ԹԷոդորոս վրդ. Զաքարեանի:

Հայոց Ցեղասպանության անմեղ զոհերին նվիրված խաչքարերն տեղադրված Ժառանգավորաց վարժարանի բակում
Հայոց Ցեղասպանության անմեղ զոհերին նվիրված խաչքարերն տեղադրված Ժառանգավորաց վարժարանի բակում

Աստուծոյ ողորմութեամբ եվ սրբոց Յակոբեանց բարեխօսութեամբ  ժառանգաւորաց վարժարանը պատմութեան ընթացքին լիովին կատարած է իր հիմնադիրներուն եւ երախտաուորներուն նպատակը միշտ հիմնուելով անոնց տեսիլքին եւ լուսաւոր ապագաի երազին: Շրջանաուարտ հոգեւորականներ զինուորագրուած են Ս. Յակեբեանց  միաբանութեան շարքերը եւ իրենց նուիրական ծառայութիւնը մատուցած են Քրիստոսակոխ սրբավայրերու պահպանութեան եւ սաղիմահայ համայքին հոգեւոր եւ բարոյական դաստիարակութեանը:

Նաեւ մեր վարժարանը առատ հունձքով հոգեւոր հովիւներ եւ առաջնորդներ հասցուցած է պատմական Հայաստանի երբեմնի շէն թեմերուն եւ ծուխերուն:ԻՍԿ  1921թուականէն ի վեր, երբ արեւելեան Հայաստանը Խորհրդաին ռեժիմին ենթակայ էր եւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանը քայքայուած էր,Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը տարագիր էր իր սրբազան աթոռէն եւ հայրենիքէն եւ Կ.Պօլսոյ պատրիարքութեան ենթակայ հոգեւոր դպրանոցները փակուած էին թրքական նոր կառավարութեան կողմէ, մեր վարժարանէն շրջանաւարտ եկեղեցականներն էր, որ Սուրբ Աթոռս առաքեց հայկական սփիւռքի հին եւ նոր հաստատուող համայնքներուն որպէս հովիւներ եւ առաջնորդներ:

Կ’ԱՂՈԹԵՆՔ ու կը մաղթենք որ Բարձեալն Աստուած շէն ու հաստատ պահէ Սուրբ Աթոռս եւ ժառանգաւորաց վարժարանի դռները միշտ բաց մնան հայ պատանիներու առջեւ, որոնք պիտի գան ուսանելու եւ հաղորդակցուելու  նախնեաց հարուստ աւանդութիւններուն եւ թրծուելով այս թեժ վառարանին մէջ դառնալու համար Հայաստանեաց եկեղեցւոյ նոր սերունդի մշակներ ու հոգեւոր սպասաւորներ:

Նյութը մեզ տրամադրել են Երուսաղեմի Ժառանգավորաց վարժարանի սաները