Հեղինակ՝ Ռաֆֆի Գիրիճեան
Հիմա պիտի խօսինք ու գրենք մեր Լիբանանահայ Համայնքի մասին։
Գիտէք հայերը Լիբանան եկած են Հայկական Ցեղասպանութեան հետեւանքով Արեւմտահայեր` մազապուրծ ազատած ապա` հետիոտն կամ տարբեր միջոցներով Լիբանան հասած են, բազմաթիւ թիւերով, մօտաւորապէս 300 հազար Արեւմտահայեր եկած եւ հաստատուած են Լիբանան։
1915-էն մինչեւ այսօր Ներկայ է Լիբանանահայ Համայնքը, որ մինչեւ այսօր կը մնայ Լիբանանի հանրապետութեան լաւագոյն, կարելի է ըսել ամենալաւագոյն համայնքներէն մէկը։
Այս պատճառով ձեզի պիտի ներկյացնեմ Լիբանանահայ Համայնքի մասին գրուած տեղեկութիւններ, կարելի է ըսել Լիբանանահայ Համայնքի արշիւն ու Պատմութիւնը։
Լիբանանահայ Համայնքը
__ Լիբանանահայութիւնը աշխարհի տարածքին ամենէն հին հայկական գաղութներէն մէկն է ։ Ցեղասպանութենէ վերապրած ժողովուրդի մը մասնիկները, բեկորները, որոնք շատ կարճ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին Լիբանանի մէջ ստեղծած են ծաղկուն հայկական գաղթօճախ մը` բազմազան եւ բազմաբնոյթ ենթակառոյցներով, եկեղեցիներով, վանքերով, դպրոցներով, մամուլով, մշակոյթով, մարզական եւ բարեգործական միութիւններով, աճեցնելով հայախօս եւ հայրենասէր նոր սերունդներ։ Հայերը Լիբանանի իշխանութիւններուն եւ ժողովուրդին եղբայրական վերաբերմունքին շնորհիւ յաջողած են պահպանելու իրենց հարուստ ազգային մշակոյթն ու արժէքները եւ լիիրաւ քաղաքացիներ ըլլալով իրենց աշխատասիրութեան եւ տաղանդին շնորհիւ շօշափելի ներդրում ունեցած են Լիբանանի հանրապետութեան զարգացման ու բարգաւաճման գործին մէջ։ Լիբանանահայութիւնը իր ուրոյն դերակատարութեամբ եւ ներուժով կը հանդիսանայ երկու բարեկամ երկիրները Հայաստանը եւ Լիբանանը իրար միացնող յուսալի կամուրջ մը։ Լիբանանահայ գաղութը մինչեւ 1970-ական թուականներու կէսերը շուրջ 250-էն 300 հազար կը հաշուէր։ Լիբանանի քաղաքացիական երկարատեւ պատերազմին հետեւանքով յառաջացած անապահովութեան ու տնտեսական տեսական ճգնաժամերուն այդ թիւը դժբախտաբար նուազած է , հասնելով շուրջ 140 – 150 հազարի։
__ Լիբանանահայ Համայնքի Քաղաքական Կառոյցը
Լիբանանը տասնամեակներ շարունակ հանդիսացած է հայ երեք աւանդական կուսակցութիւններու կեդրոնատեղին, կամ անոնց կարեւորագոյն օղակներէն մէկը։ Լիբանանի մէջ կը գտնուին բազմաթիւ հայկական եկեղեցիներ, որոնք կը պատկանին Հայ Առաքելական, Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Բողոքական երեք եկեղեցական գագաթներուն։
Լիբանանի մէջ կը գտնուին Սփիւռքի հսկայ կառոյցներ, ինչպէս`<< Թ.Մ.Մ >>-ը, <<Համազգային Մշակութային Միութիւն>>-ը, << Հ. Ե. Ը. >> Անդրանիկ խումբը, Հ.Մ.Ը.Մ.-ը, Հ.Մ.Մ.-ը եւայլն։
__ Եկեղեցիները
_ Լիբանանը հայ եկեղեցական մեծագոյն կեդրոններէն մէկն է ։ Այնտեղ կը գտնուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, Կիլիկիոյ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցուոյ Պատրիարքութիւնը` Հայոց եւ Մերձաւոր Արեւելքի Աւետարանական Եկեղեցիներու Խորհուրդի նախագահի նստավայրերը, կրթական, բարեգործական, մշակութային եւ մարզական հաստատութիւններ։
__ Լիբանանահայ գաղութը աշխոյժ դերակատարութիւն ունեցած է թէ’ Լիբանանի եւ թէ տարածաշրջանի բարեգործական, մշակութային եւ մարզական կեանքէն ներս կազմելով` Լիբանանի բազմերանգ հասարակութեան կարեւորագոյն մասը։ Անոր կը նպաստեն գործող բարեգործական, մշակութային միութիւնները, { ՀԲԸՄ-ը, Թ.Մ.Մ.-ը, Հ.Ե.Ը.-ը, Համազգայինը, ԼՕԽ-ը, Հ. Մ. Ը. Մ.-ը, Հ .Մ.Մ.-ը եւայլն } ։
__ Գաղութին մէջ կը գործեն մե’ծ թիւով հայկական վարժարաններ, որբանոցներ, ծերանոցներ, բժշկական եւ մշակութային կեդրոններ, հայրենակցական, արհեստագիտական եւ մասնագիտական միութիւններ, յատկապէս`
Լիբանանահայ Բժշկական Միութիւնը,
Հայ Արուեստավարժ Միութիւնը, Գործարարներու Միութիւնը եւ
Ընկերային Ծառայողներու Միութիւնը։
Պէյրութի մէջ կը գտնուի Սփիւռքի միակ հայկական բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւնը`<<Հայկազեան Համալսարանը>> ։
__ Լիբանանահայ դպրոցները կ’առաջնորդուին պետական դպրոցական ծրագիրով` իրենց ուսումնական ծրագիրներուն մէջ կարեւոր տեղ յատկացնելով նաեւ հայագիտական ուսումնական առարկաներուն։
__ Լիբանանահայ Գաղութին դպրոցական ցանցը ներկայիս կը մնայ Սփիւռքի ամէնէն կազմակերպուած ցանցերէն մէկը։
__ Լիբանանահայ գաղութը մշտական կապի մէջ կը մնայ Հայրենիքի հետ` կարճ կամ երկար ժամկէտներով անուանի եւ նշանաւոր արուեստագէտներ, ( բեմադրիչներ, դերասաններ, նկարիչներ, Սիմֆոնիք նուագախումբի խմբավարներ, երգիչներ, հայկական պարի պարուսոյցներ, Լիբանանի մէջ հ
Հայկական Մարմնամարզական ակումբներու մարզիկներ եւ մարզիչներ ) հրաւիրելով Հայաստանէն, օրինակի համար Խորէն Յովհաննիսեանը, Բաբգէն Մելիքեանը, Վարդան Ղազարեանը, Գուրգէն Էնկիպարեանը, Վիթալի Աղասեանը, Արմէն Կիւլպիտաղեանցը, Արմէն Իգիդպաշեանը եւ Արկադի Անդրէասեանը, Սուրէն Բարսեղեանը ու շա’տ այլ մարզիկներ եւ մարզիչներ, որոնք Լիբանան գալով ցոյց տուած են Հայկական ֆութպոլի մակարդակը։
__ Լիբանանահայ Մամուլ — : Լիբանանահայ մամուլը ունի հարուստ աւանդոյթներ։ Լոյս կը տեսնեն բազմաթիւ ամսագիրներ, եռամսեակներ, տարեգիրքեր, օրաթերթեր եւ շաբաթաթերթեր, որոնց մէջ կ’առանձնանան երեքը` <<Ազդակ>>,<<Արարատ>> եւ <<Զարթօնք>> օրաթերթերը։ Կը գործեն նաեւ <<Վանայ Ձայն>> եւ <<Ռատիօ Սեւան>> ձայնասփիւռի կայանները։
Ապագայ <<Future>> եւ << OTV >> հեռատեսիլի կայաններէն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի Պետական Ձայնասփիւռի կայանէն ամէնօրեայ կէս ժամ տեւողութեամբ հաղորդումներ կը հեռարձակուին հայերէն լեզուով։